ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՕՐ (PORTES OUVERTES)

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2018-ի առաւօտեան, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները  իրենց զաւակներուն հետ դասարան մտան եւ դիտեցին իրենց երեխաները աշխատանքի ժամանակ՝ հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերուն։

Այս նախաձեռնութիւնը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։