ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

Երեքշաբթի, 20 Փետրուար 2018-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները, իբրեւ արաբերէն լեզուի արտադասարանային աշխատանք, այցելեցին Կեդրոնական Պէյրութ եւ ծանօթացան քաղաքին:

Անոնք շրջեցան շուկային մէջ, տեսան խորհրդարանը, ապա նաեւ՝ նահատակաց յուշարձանը, եւայլն: Աշակերտները այս այցելութեամբ ամրապնդեցին քաղաքի մասին իրենց սորված արաբերէն լեզուի բառամթերքը: