ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻՆ

«Գրելու արուեստը» բնաբանի ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2018-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները իրենց հայերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի գրասենեակը:

Աշակերտները տեսան մատեաններ եւ ձեռագիր գիրքեր 1500 թուականէն: Երուանդ Փամպուքեան իրենց բացատրութիւններ տուաւ «մեսրոպեան երկաթագիր» տառերուն, ծաղկողներուն, մանրանկարչութեան, տառերու տեսակներուն, ինչպէս նաեւ թուղթերու որակին մասին: Ան պատմեց Մշոյ Ճառընտիրին պատմութիւնը մատնանշելով անոր կարեւորութիւնն ու արժէքը հայ ժողովուրդին համար:

Աշակերտները մեծ հետաքրրութեամբ լսեցին Ե. Փամպուքեանի բացատրութիւնները եւ ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները: