ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ՄՐՑԱՆՔԻՆ՝ ՌՈՅ ՃԻԶՄԷՃԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ
Կազմակերպութեամբ Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանի (USJ), տեղի ունեցաւ ֆրանսախօս դպրոցներու բանավէճի մրցանք մը, որուն մասնակցեցան 240 աշակերտներ Լիբանանի զանազան դպրոցներէ: Քանի մը շաբթուան վրայ երկարող այս մրցանքին ընթացքին, Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ թեր եւ դէմ կեցուածքներ որդեգրելով մասնակցեցան զանազան նիւթեր ընդգրկող բանավէճերու: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ…