«CALLIGRAMME»

Ֆրանսերէն լեզուի դասանիւթի  ծիրէն ներս, Է. դասարանի աշակերտները քանի մը պահերու ընթացքին ծանօթանալէ ետք բանաստեղծութեան կարեւոր յատկանիշներուն, որոշեցին «calligramme» (գրանկար) պատրաստել եւ աշխատանքի լծուեցան: Իւրաքանչիւր աշակերտ ընտրեց բնութեան հետ կապ ունեցող նիւթ մը եւ անոր մասին բանաստեղծութիւն մը գրեց: Բանաստեղծութիւնները ուսուցչուհիին կողմէ սրբագրուելէ ետք, աշակերտները մեծ հաճոյքով զանոնք…

ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՀՈԳԵԲԱՆԻՆ ՀԵՏ

2019-2020 դպրոցական տարեշրջանը փակուեցաւ արտասովոր պայմաններու մէջ: Համաճարակին պարտադրած նոր առօրեային հազիւ համակերպած աշակերտները ականատես եղան ամբողջ Լիբանանը ցնցող 4 Օգոստոսի նաւահանգիստի պայթումին: Նկատի ունենալով նշեալ երեւոյթներուն մասին աշակերտներուն արտայայտուելու կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը, 2020-2021 տարեշրջանի սկիզբը Ճեմարանի հոգեբանը նախաձեռնեց դասարանային առցանց հանդիպումներու, որոնց ընթացքին աշակերտներուն առիթը տրուեցաւ ներկայացնելու…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՆՆԴԱԳԷՏ ԱՆԻ ՏԵՔԵՐՄԵՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 26 Մարտ 2021-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները առցանց հանդիպում մը ունեցան սննդագէտ Անի Տեքերմենճեանի հետ, որ խօսեցաւ առողջապահական ուտելիքներու մասին: Ան հետաքրքրական գիտելիքներ փոխանցեց սննդարար ուտելիքներու ճիշդ համադրութեան, ինչպէս նաեւ վնասակար ուտելիքներով սնուելու հետեւանքներուն մասին:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏՈՔԹ. ԻՇԽԱՆ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ճեմարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ծրագիրի ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:օօ-ին, Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները առցանց հանդիպեցան ատամնաբոյժ տոքթ. Իշխան Եղիայեանի հետ, որ ընդհանուր գիտելիքներ փոխանցեց ընդհանուր առողջապահութեան, մարդակազմութեան, ակռաներու խնամքի, առողջ սննդականոնի եւ հաւասարակշռուած կեանքի մասին: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին տոքթ. Եղիայեանի ցուցմունքները, ինչպէս…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ՝ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

Անցնող շաբթուան ընթացքին, Տարրական բաժնի դասարանները առցանց հանդիպում մը ունեցան դպրոցին ընկերային ծառայող՝ Տիկին Սիլվային եւ հիւանդապահուհիին՝ Տիկին Ծովիկին հետ: Վերջինս աշակերտներուն փոխանցեց առողջապահական գիտելիքներ՝ մարմնի մաքրութեան, շրջապատի մաքրութեան, առողջ կենցաղին եւ սննդակարգին մասին, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Քորոնա ժահրին եւ անոր դէմ պայքարելու միջոցներու մասին:

ԳԱԼԻՆ ԳԻԼԷՃԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՄԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ»Ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ (SECRETARY GENERAL AWARD) MODEL UNITED NATIONS (MUN) ԾՐԱԳՐԻՆ

Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Գալին Գիլէճեան, Ալինա Վասիլեան, Անժելինա Դարբինեան, Կարին Եղիայեան, Մարիէլ Մարթայեան, Կլօրիա Ժալըֆեան, Առլի Տէր Աբրահամեան, Սանան Քէշիշեան եւ Զուլալ Աւագեան, մասնակցեցան Լիբանան-Ամերիկեան Համալսարանի (LAU) նախաձեռնած Model United Nations (MUN) ծրագրին: Այս ծրագրի գործնականացման հանդիպումներուն, աշակերտները խորացուցին…

ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ՝ ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երեքշաբթի 9 եւ Հինգշաբթի 25 Փետրուար 2021-ին, Նախակրթարանի Զ. եւ Միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները առցանց հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Պիքֆայայի Դպրեվանքի տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի հետ: Վերջինս աշակերտներուն ներկայացուց Բարեկենդան եւ Տեառընդառաջ տօներուն կրօնական բացատրութիւնը: Հանդիպման աւարտին, աշակերտները հարցուցին ծոմապահութեան, աղօթքի եւ կրօնական արարողակարգերու վերաբերեալ զանազան հարցումներ…

ԿԱՊՈՅՏ ԵՒ ԿԱՆԱՉ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՏՕՆԸ

Երկուշաբթի, 8 Մարտ 2021-ին, Մանկապարտէզի Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու փոքրիկները նշեցին ուսուցչաց տօնը: Անոնք առցանց հանդիպում մը ունեցան Ճեմարանի ընկերային ծառայող Տիկին Սիլվային հետ, որ իրենց պատմեց պատմութիւն մը, թէ ի՛նչպէս փոքրիկներ տարբեր ձեւերով կ’ուրախացնեն իրենց ուսուցիչները: Երեխաները իրենց սրտի խօսքերով, պաչիկներով եւ մաղթանքներով արտայայտեցին ուսուցիչներուն հանդէպ ունեցած…

ՇԱՀԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «MODEL EUROPEAN UNION»-Ի «POSITION PAPER» ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Երկրորդական բաժինի ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Լոռի Եահնիյեան, Մարիա Գաբլանեան եւ Շահան Նաճարեան, մասնակցեցան LAU համալսարանի 2020-2021 տարեշրջանի MEU (Model European Union) նախաձեռնութեան: Այս ծրագրին ընթացքին Լիբանանի տարբեր դպրոցներէ եկած աշակերտներ կը խորացնեն իրենց գիտելիքները Եւրոպական Միութեան մասին եւ կը զարգացնեն փնտռտուքի, դիւանագիտական յարաբերութեան, հանրային հրապարակախօսութեան եւ…

ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Գանատայէն եւ Ամերիկայէն խումբ մը Ճեմարանականներու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, Գիրք նուիրելու օրուան առիթով, Ճեմարանի ՀՕՄ֊ի Նորսիկեան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները նուէր կը ստանան Լալան ու Արան «Մեր գունաւոր աշխարհը» պատկերազարդ ու դաստիարակչական գրքոյկը։   Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նուիրատուներուն:

ՏԱՐՐԱԿԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏՕՆԵՑԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2021-ին, Տարրական բաժինի աշակերտները Բարեկենդանը տօնեցին առցանց։ Անոնք ծպտուած էին` օգտագործելով իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող իրերը, զարդեղէնը,  կերպասները, զգեստներն ու խաղալիքները։ Շատերուն օժանդակ հանդիսացած էր իրենց վառ երեւակայութիւնը։ Բարեկենդանին փոքրիկները երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, իրարու հանելուկներ ըսին եւ զարգացման մրցումի մասնակցեցան։ Անոնք առցանց հաճելի ժամանակ անցուցին…

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆՆ ՈՒ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Երկուշաթի 8 եւ Երեքշաբթի 9 Փետրուար 2021-ին, մանկապարտէզի երեխաներուն մօտ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Առցանց պայմաններու մէջ, անոնք իրենց դաստիարակներուն հետ ծպտուած, երգով ու պարով, նուագով ու խաղերով նշեցին Վարդանանքը եւ տօնեցին Բարեկենդանը: Ճիշդ է, որ երկրին մէջ կը տիրէ արտակարգ վիճակ մը, սակայն երեխայ եւ դաստիարակ նոյն…