ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Բարեկենդանի տօնին նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցեց Բարեկենդանի խորհուրդը: Աշակերտները լայն գիտելիքներ ամբարեցին Բարեկենդանի սովորութիւններուն եւ Մեծ Պահքի մասին, ինչպէս նաեւ սորվեցան աւանդական երգեր ու պարեր:

Տիկ. Ճինպաշեան աշակերտներուն ներկայացուց Մեծ Պահքի ծիսական տիկնիկը՝ «ակլատիզ»ը՝ խօսելով անոր նշանակութեան մասին:

Տեղի ունեցաւ հատիկի եւ կարկանդակի հիւրասիրութիւն, որմէ ետք աշակերտները մեկնեցան զբօսանքի: Ընդմիջումէն վերադարձին, աշակերտները կատարեցին ձեռային աշխատանք մը. անոնք պատրաստեցին իրենց սեփական «ակլատիզ»ը, որուն համար նախապէս տունէն բերած էին սոխ մը: