ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՆԱՐԵԿ ԲԱԿԼԱՅԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

16, 17, 23 եւ 24 Փետրուար 2019-ին, Իսլամական Մշակութային Դպրոցէն ներս տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի տարիքային անհատական ախոյեանութեան մրցումները: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ 8 տարեկան եւ վար դասակարգին մէջ, ճեմարանական Նարեկ Բակլայեան (Բ. դասարան) հանդիսացաւ երրորդ՝ 13 մասնակիցներու ընդմէջէն:

Կը շնորհաւորենք Նարեկը՝ անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ նորանոր յաղթանակներ: