ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՏԱՂՁԱԳՈՐԾԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 7 Փետրուար 2019-ին, Մանկապարտէզի Կանաչ դասարանի աշակերտները այցելեցին ատաղձագործարան մը, ուր դիտեցին գործարանը եւ զանազան գործիքները: Գործատէրը երեխաներուն ներկայութեան պատրաստեց գրադարան մը, զոր նուիրեց Մանկապարտէզին: