ՅԱՍՄԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի, 21 Փետրուար 2019-ին, մանկական գրականութեան հեղինակ Յասմիկ Շահինեան այցելեց Մանկապարտէզ, որուն նորաբաց գրադարանէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ կանաչ դասարանի աշակերտներուն հետ: Ան փոքրիկներուն պատմեց «Նշանս» պատմութիւնը եւ աւարտին, գիրքը նուիրեց գրադարանին: