ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ (Զ. ԴԱՍԱՐԱՆ)

Բարեկենդանի խորհուրդը Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտներուն փոխանցելու համար, Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին, Ճեմարանը հիւրընկալեց Հայր Աւետիք Տէր Կարապետեանը: Հանդիպում-զրոյցին ընթացքին, ան աշակերտներուն ներկայացուց Բարեկենդանի տօնը, որմէ ետք պատասխանեց անոնց հարցումներուն: 

Յայտագրին երկրորդ բաժինով, աշակերտները պատրաստեցին հայկական դիմակներ, որմէ ետք կերան հատիկ: