ՊԱՏԿԵՐԱՒՈՐ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Նոյեմբեր ամսուն, Ճեմարանէն ներս սկիզբ առաւ պատկերաւոր ուղղագրութեան մրցանքը (concours d’orthographe illustrée), որ նախատեսուած էր Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն համար: Աշակերտներէն պահանջուած էր ֆրանսերէն լեզուի բառ մը արտայայտել պատկերաւոր ոճով:
Երկուշաբթի, 18 Փետուարին 2019-ին յայտարարուեցան մրցանակակիրներուն անունները՝ Շուշի Գասապեան, Սելին Գիլէճեան, Զուլալ Պեզճեան, Սարին Մահտեսեան, Քրիսթինա Քիլիսլեան եւ Լոռի Բակլայեան: