ՅԱՍՄԻԿ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ Ե. ԴԱՍԱՐԱՆԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 21 Փետրուար 2019-ին, մանկական գրականութեան հեղինակ՝ ճեմարանաւարտ Յասմիկ Շահինեան հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտներուն հետ: Պէտք է նշել, որ աշակերտները ամառնային արձակուրդին կարդացած էին անոր հեղինակած «Այն օրը, երբ…» գիրքը, իսկ ոմանք ալ՝ «Թէ ինչպէս»ը: Շահինեան աշակերտներուն ներկայացուց «Այն օրը, երբ» գիրքը, խօսեցաւ անոր պատրաստութեան հանգրուաններուն մասին՝ անդրադառնալով գաղափարի յղացման, նկարազարդման եւ վերնագրի ընտրութեան: Աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ յայտնելու գիրքին մասին իրենց կարծիքներն ու տպաւորութիւնները: Հեղինակին ուղղուած հարցումներուն ընդմէջէն անոնք իմացան, որ պատրաստութեան մէջ է երրորդ գիրք մը, որուն բովանդակութեան եւ վերնագրին շուրջ առաջարկներ ըրին Յասմիկ Շահինեանին:

Հանդիպումին ընթացքին, աշակերտներուն հայերէնի ուսուցչուհին՝ Սիլվա Թապագեանը հեղինակին յայտնեց, որ այս տարի աշակերտները կը կարդան Ստեփան Զօրեանի «Աշակերտական տարիներ» աշխատութեան պատշաճեցուած տարբերակը, որ պատրաստուած է Յասմիկ Շահինեանի հօր՝ Գրիգոր Շահինեանի կողմէն: