«SCRIBE ET MESSAGER»
Զ. դասարանի աշակերտները ֆրանսերէնի ուղղագրութեան հետաքրքրական աշխատանք մը կատարեցին: Երկու խումբերու բաժնուած, անոնք փորձեցին գտնել նախադասութիւնները եւ ամբողջացնել ուղղագրութիւնը: Այսպէս, խաղալով ու վազվզելով, աշակերտները ուղղագրութեան հաճելի դասապահ մը անցուցին:
