ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ ԵՒ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2026-ին, Ճեմարանի շրջանաւարտ Ալիք Մեսրոպեան տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ սննդարար ուտելիքներու եւ առողջ կենցաղի մասին: Աշակերտները հետաքրքութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ ստացան իրենց հարցումներուն պատասխանները: