ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Չորեքշաբթի, 6 Մայիս 2026-ին, կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ տեղի ունեցաւ զրոյց-դասախօսութիւն մը՝ «բարիք գործել» նիւթով:
Զրուցավարներն էին Ճեմարանի շրջանաւարտներ Մեղեդի Սնապեան եւ Սինթիա Պայրագտարեան։ Անոնք խաղերով եւ մանկավարժական մօտեցումով աշակերտներուն հետ շատ հաճելի պահ մը մը անցուցին։