Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ին, վերջին պահուն տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը, մասնակցութեամբ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը ընթերցեց Ժ. դասարանէն Վան Պորոյեան: Ան ըսաւ. «Ոգեկոչման այս ձեռնարկներով, մենք ամէն անգամ կու գանք հաստատելու, որ պիտի մնա՛նք պահանջատէր, պայքարի ջահը վա՛ռ պիտի պահենք եւ զայն փոխանցենք ապագայ սերունդներուն՝ մինչեւ որ հասնինք մեր գերագոյն նպատակին»։ Ապա «Նեմեսիս» վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք Ե. դասարանի աշակերտները երգեցին «Թռչէի մտքով տուն», որմէ ետք Է. դասարանէն Վայք Տէմիրճեան ասմուքեց Դ. Վարուժանի «Դերենիկը» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ Ե. դասարանէն Էլսա Ժամկոչեան դաշնամուրով նուագեց «Պիտ պաշտպանեմ»: Օրուան պատգամը փոխանցեց Ճեմարանի շրջանաւարտ, Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Նարօտ Սերուժեան: Ան զուգահեռներ ընելով աշխարհաքաղաքական անցեալ եւ ներկայ յարափոփոխ իրավիճակներուն, տարբեր դիտանկիւնէ ներկայացուց «ցեղասպանութիւն» հասկացողութիւնը ընդհանրապէս եւ «հայոց ցեղասպանութիւնը»՝ մասնաւորապէս, իր խօսքին աւարտին շեշտելով հայ աշակերտին դերը, որ շատ կարեւոր է հայապահպանման համար, յորդորեց սիրել մայրենին եւ անսխալ հայերէն խօսիլ:
Աւարտին, Դ. դասարանի աշակերտները բեմ բարձրացան յայտնելով իրենց պապենական ծննդավայրերուն անունները (Սասուն, Սիս, Ատանա…), ապա երգեցին «Կռունկ գնա մըր երկիր» իրենց երգի ուսուցիչին՝ Ղազար Քէօշկերեանի նուագակցութեամբ:
Ոգեկոչման ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի երգի ուսուցիչ Ղազար Քէօշկերեանի հայրենասիրական երգերով, ընկերակցութեամբ երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանի:
