Ընկերային կազմաւորման ծրագրի հիմնական նիւթերէն է մտային առողջութիւնը։ Առ այդ Ճեմարան հրաւիրուեցաւ հոգեբան Սեւակ Հապէշեան, ան յաջորդաբար Ե., Է., եւ Թ. դասարանի աշակերտներուն հետ ներկայացում-զրոյց ըրաւ հետեւեալ նիւթերով՝ մտային առողջութիւն, պատանիներու մարտահրաւէրները եւ բարոյական ու ընկերային արժէքներ։
Աշակերտները շատ խանդավառութեամբ մասնակցեցան այս օգտաշատ նիւթին։
