Ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ կարեւոր տեղ ունի սեռային դաստիարակութիւնը: Երեքշաբթի, 28 Ապրիլ 2026-ին, կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ Տոքթ. Վիգէն Նանէճեան միջնակարգի Ը., Թ. եւ երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց իրենց տարիքին վերաբերող սեռային նիւթեր եւ տուաւ համապատասխան բացատրութիւններ:
Զրոյցին աւարտին աշակերտները հարցումներ ուղղեցին եւ ստացան լուսաբանական պատասխաններ Տոքթ. Նանէճեանէն եւ ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեանէն:
