ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

ԿԵՐՏԵՑԻՆՔ ՄԵՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱՒԱՏԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԸ «NOTRE SEIGNEURIE MÉDIÉVALE» Մարտ ամսուան ընթացքին, Է. դասարանի  աշակերտները ձեռնարկեցին արտասովոր ու խանդավառող ծրագիրի մը, որ մեզ փոխադրեց ուղիղ ԺԲ. դար։ «Մեր Միջնադարեան Կալուածը» ( “NOTRE SEIGNEURIE MÉDIÉVALE” ) խորագիրը կրող այս նախագիծին նպատակն էր միասնաբար վերակենդանացնել միջնադարեան աշխարհը՝ իրարու քով բերելով 19…

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑ ԴԱՍԱՐԱՆ

Հայոց պատմութեան դասապահուն Ը. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Տիգրան Մեծ եւ Պոմպէոս» պատմական դրուագը։ Աշակերտները նախ ամփոփ խօսեցան  Ք. ա. 66 թուականի Հայաստանի քաղաքական վիճակին եւ այդ ընթացքին տեղի ունեցած անձնական եւ պատմական միջադէպերու մասին։ Իրենց ներկայացման մէջ աշակերտներրը շեշտեցին հզօր տիրակալին այդ օրերու մտածումները, անհանգստութիւնը, որդւոյն՝ Տիգրան Կրտսերի…

ԸՆԿԵՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Մայիս ամսուան ընթացքին ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կազմակերպեց բռնադատումի դէմ արշաւ մը միջնակարգի աշակերտներուն հետ: Ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծելէ ետք «ընկերասիրութեան կարեւորութիւնը» նիւթը, իբրեւ խմբական աշխատանք աշակերտներուն յանձնարարեց այդ նիւթով պաստառներ եւ կարճ տեսերիզներ պատրաստել: Աշակերտները կատարեցին աշխատանքները, որոնք ցուցադրուեցան յատուկ…

«ԷՐԵԲՈՒՆԻ-ԵՐԵՒԱՆ»

Պարոյր Սեւակի «Էրեբունի-Երեւան» բանաստեղծութիւնը եւ Երեւան քաղաքի պատմութիւնը ուսումնասիրելէ ու սերտելէ ետք, Ը. դասարանի աշակերտները ձեռնարկեցին հետաքրքրական խոյզերու։ Անոնք ներկայացուցին Երեւանի գլխաւոր տեսարժան վայրերը, պատմամշակութային կոթողները, ճարտարապետական նշանաւոր կառոյցները եւ քաղաքի ինքնատիպ խորհրդանիշները։ Իւրաքանչիւր ներկայացում կարծես պատուհան մը բացաւ դէպի Հայաստանի մայրաքաղաքը։ Աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան…

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՄԻՏՔԵՐ. Զ. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ «ԻՄ ՎԱՂՈՒԱՆ ՔԱՂԱՔՍ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ին, աշխարհագրութեան (géographie) դասապահերուն ընթացքին սորված տեսական գիտելիքները վերածուեցան գունաւոր ու տպաւորիչ իրականութեան։ Այսպէս՝ Զ. դասարանի աշակերտները, իրենց աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին առաջնորդութեամբ, կազմակերպեցին յատուկ ցուցահանդէս մը, որուն գլխաւոր նիւթն էր՝ «Իմ վաղուան քաղաքս»։ Աշակերտները մեծ խնամքով ու երեւակայութեամբ պատրաստած էին բազմաթիւ մանրակերտներ (maquettes) եւ պաստառներ (affiches)։…

ԽԱՂԻ ՍԵՆԵԱԿԻ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Դաստիարակչական խաղերու սենեակին մէջ աշակերտները զբօսանքներուն մտերմիկ եւ հաճելի ժամանակ կ’անցընեն:

«ՀԷՅ ՃԱՆ ՂԱՓԱՄԱ»

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2026-ին, տարրական բաժինի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարաններու աշակերտները  «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի «Հէյ Ճան Ղափամա» աշակերտական ներկայացումին։ Անոնք մեծ ուրախութեամբ դիտեցին երաժշտախառն, դաստիարակիչ եւ միաժամանակ զուարճալի այս թատրոնը, բուռն ծափահարութիւններով քաջալերելով աշխոյժ ու խանդավառ դերասանները, որոնց մաս…

ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՍ ՔԱՐՏԷՍԸ

Այս տարի Ե. դասարանի աշակերտներուն վստահուած էր աշխարհագրութեան դասին համար պատրաստել խոյզ մը «Արմատներուս Քարտէսը. Իմ Ինքնութեանս Աշխարհագրութիւնը» վերնագրով: Այս նախագիծին ընդմէջէն, անոնք դարձան փոքրիկ «մարդաբաններ» եւ «աշխարհագրագէտներ»։ Անոնք ուսումնասիրեցին իրենց նախահայրերուն բնօրրանը, գծեցին գաղթի ու վերապրումի քարտէսները եւ մէկտեղեցին իրենց ընտանեկան մասունքները։ Երկուշաբթի 27 Ապրիլին Ե.1 եւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՆՇՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 27 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական ընտանիքին մաս կազմող Ճեմարանի աշակերտները դպրոց ներկայացան իրենց սկաուտական տարազներով եւ բացօթեայ խաղավայրին մէջ խմբուեցան իրենց յատուկ շարքերով։ Այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիաս մասնաճիւղէն ներկայացան երկու Ճեմարանի շրջանաւարտ խմբապետներ՝ Բարտի Արսլանեան եւ Արի Աւետիս: Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի…

«CHASSE AU TRÉSOR»

Ֆրանսերէն դասանիւթի ծիրէն ներս, ամիս մը լաւ աշխատանքի համար, Դ. դասարանի աշակերտները կը գնահատուին «chasse au trésor» խաղով։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2026-ին,  կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին,  Տոքթ. Աւետիս Մարտիրոսեան  Զ. եւ Է. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ տարիքային ֆիզիքական փոփոխութիւններուն եւ իրենց զգացական աշխարհին վրայ անոնց ազդեցութեան մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, հարցումներ ուղղեցին եւ լուսաբանուեցան:

«ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Արցախեան պայքարի ազատամարտիկ, լիբանանահայ նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական մրցանքին, Ճեմարանի միջնակարգ բաժինէն Կալի Գարամանուկեան հանդիսացաւ առաջին, Նարեկ Շիրէճեան՝ երկրորդ, իսկ Բալենի Աւագեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Նախակրթարանէն Սառա Սերոբեան արժանացաւ պատուոյ յիշատակութեան: Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: