ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ

Կեանքի մէջ կան թէ՛ յաղթանակներ եւ թէ պարտութիւններ, սակայն երբ հայը հայուն միանայ միշտ կը հասնի լաւագոյն արդիւնքին։
Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2026-ին, Ապրիլեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Դ. դասարանի աշակերտները, հայերէնի դասապահուն, առաջնորդուելով Եղիշէ Չարենցի նշանաւոր խօսքով՝ «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», «Չալեան» սրահին մէջ մասնակցեցան զարգացման մրցումի մը։
Արեւմտահայաստանի շրջաններու անունները կրող խմբակներըով՝ Բալու, Ատանա, Զէյթուն, Սասուն եւ Այնթապ, աշակերտները պատասխանեցին  «Forget Me Not, Siroun Ararat» գիրքի, Նեմեսիսի եւ այլազան նիւթերու մասին պատրաստուած հարցումներուն։ Աշակերտները միանալով դարձան աւելի ուժեղ եւ իրենց աշխատանքով մէկ քայլ եւս մօտեցան հայկական յաղթանակներու գաղափարին։
Այս առիթով, բոլոր աշակերտները ստացան «Իմ անունս Նայիրի է» գիրքը՝ նուիրուած ճեմարանաւարտ եւ գիրքի հեղինակ Սօսէ Խտըշեան Պերպէրեանի կողմէ:
Մրցումի աւարտին յաղթական հանդիսացաւ Այնթապ խմբակը, որուն անդամները ստացան տնօրէնութեան կողմէ տրամադրուած իւրայատուկ նուէրներ: