ՀԱՅԱՐԻ ՍԱՀԱԿԵԱՆ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ԿԱԼԻԱ ԳԱՐԿԱՅԵԱՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴ

Շաբաթ, 9 Մայիս 2026-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ե. դասարանէն Հայարի Սահակեան եւ Զ. դասարանէն Կալիա Գարկայեան մասնակցեցան ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան ու անոր կից գործող մշակութային յանձնախումբի վարչութեան կազմակերպած միջդպրոցական արտասանական մրցումին։
Հայարի Սահակեան ասմունքեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»էն բաժին մը, իսկ Կալիա Գարկայեան՝ Սիամանթոյի «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնը:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Հայարի Սահակեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Կալիա Գարկայեան՝ երկրորդ, իւրաքանչիւրը իր տարիքային բաժանումին մէջ:
Կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները։