Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2026-ին, Թ. դասարանին մէջ ուրիշ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ հայկական մշակոյթի աշխարհը բացած էին իրենց առջեւ։ Անոնք ներկայացուցին իրենց խոյզերը՝ հետաքրքրութեամբ, հպարտութեամբ եւ երբեմն ալ զարմանքով։
Անոնցմէ ոմանք պատմեցին հայ նկարիչներու գունեղ աշխարհին մասին, ուրիշներ՝ երաժիշտներու կախարդական մեղեդիներուն, տարբեր խումբեր խօսեցան գուսաններու եւ երգիչներու մասին, որոնց ձայները դարերէ ի վեր կը հնչեն հայ ժողովուրդին հոգիին մէջ։ Յատուկ տեղ գրաւեց մեծանուն Կոմիտասը եւ աշուղներու արքան՝ Սայաթ Նովան, իրենց խորունկ եւ սրտաճմլիկ ստեղծագործութիւններով, ինչպէս նաեւ Շնորհալին՝ իր հոգեւոր ու գրական ժառանգութեամբ։
Երբ դասարանին մէջ հնչեց «Ախ իմ հայրենիքիս ջուրը», աշուղ Ջիւանիէն, կարծես այդ երգը ոչ միայն ունկնդրեցին աշակերտները, այլ նաեւ ապրեցան․ անոնք զգացին անոր թախիծը, կարօտը եւ անսահման սէրը հայրենիքին հանդէպ։
Խոյզերուն ընթացքին աշակերտները ամբարեցին բազմաթիւ տեղեկութիւններ, բայց աւելին՝ զգացումներ։ Անոնք սկսան հասկնալ, որ մշակոյթը միայն անցեալի ժառանգութիւն մը չէ, այլ կենդանի շունչ մըն է, որ կը շարունակէ ապրիլ իրենց մէջ։
Այդ օրը ոչ միայն դաս մըն էր, այլ ճամբորդութիւն մը՝ դէպի հայ հոգիին խորքերը։
