ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Միջնակարգի եւ նախակրթարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտները հայոց պատմութեան ուսուցչուհիին յանձնարարութեամբ կատարեցին աշխատանքներ ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին։

Աշակերտները պատմեցին եւ ներկայացուցին հայ ժողովուրդի ծանր վիճակը համիտեան իշանութենէն սկսեալ մինչեւ երիտթրքական քաղաքականութիւն եւ անկէ ետք շարունակուող նոյն մղձաւանջային տարիները։

Աշակերտները` իբրեւ վերապրողներու սերունդ ներկայացուցին նաեւ իրենց նախահայրերու ոդիսականը` սպանութիւններէն, գաղթի ճանապարհէն մինչեւ նոր կեանքի հանգրուան։ Անոնք հպարտութեամբ խօսեցան նաեւ «Նեմեսիս» գործողութեան անդամներուն խիզախութեան եւ վրէժխնդրութեան  մասին։

Այս առիթով, կը յիշենք Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի խօսքը. «Ասոնք նոր ճիւղերն են այն հզօր ծառին, զոր տապալեցին թուրքերը, բայց արմատախիլ ընել չկրցան»։