ԽԱՂԱՆՔ ՆՈՐԱՐԱՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՈՎ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Ուրբաթ, 24 Մարտ 2023-ին, Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու պատասխանատու Արին Գալուստեան, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ խաղի անհրաժեշտութեան եւ խաղերու տեսակներուն մասին. ի՞նչ է խաղը, ի՞նչպէս յառաջացած է…։ Ապա ան անդրադարձաւ համակարգչային խաղերուն եւ վերջապէս ծանօթացուց Համազգայինի Լալան ու Արան մանկական խաղերու…

ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – Ո՞Վ Է ՀԱՅԸ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, երկրորդական բաժինի Ժ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան «Ո՞վ է հայը» նիւթով բանախօսութիւն-զրոյցի մը, զոր վարեց պրն. Եսայի Հաւաթեան: Դասախօսը հետաքրքրական դրուագներ պատմելով ու զանազան հարցադրումներով աշակերտները մղեց արտայայտուելու եւ իրենց տեսակէտը յայտնելու ինքնութեան մասին:

ԲԱՐԲԱՌՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 23 Մարտ 2023-ին, միջնակարգի իններորդ դասարանի աշակերտներս մեր դպրոցէն ներս հիւրընկալեցինք այնճարաբնակ պրն. Եսայի Հաւաթեանը, որպէսզի մեզի խօսի հայկական բարբառներու մասին ընդհանրապէս, յատկապէս կեդրոնանալով Մուսա լերան բարբառին վրայ։ Բացման խօսքը կատարեցին Սելին Գիլէճեանն ու Նարեկ Չերքէզեանը, որմէ ետք Մարգրիտ Ղազարեանն ու Վիքի Կիրակոսեանը Այնճարի բարբառով հրաւիրեցին բանախօսը, որ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐՄԷՆ ՊԱԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, կեանքի հմտութիւններ եւ ընկերային կազմաւորման ծրագրի նիւթերէն «Mindset» նիւթը, Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց Արմէն Պալեան (conflict resolution-ի մասնագէտ): Ան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս մարդիկ կրնան իրենց կամքով, մղումով եւ յարատեւ ճիգով հասնիլ անկարելիին, կարեւորը նպատակակէտ ճշդել եւ այդ գծով…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները իրենց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհիին ընկերակցութեամբ այցելեցին Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Լիբանանեան Նախապատմութեան Թանգարանը: Այս այցելութեան նպատակն էր աշակերտները աւելի մօտէն ծանօթացնել նախապատմութեան տարբեր հանգրուաններուն եւ նախամարդուն եղափոխութեան հետ: Այցին սկիզբը թանգարանի տնօրէնուհին ողջունեց Ճեմարանի փոքրիկ հնագէտները, որոնք եկած էին իրենց…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2023-ին Ճեմարան այցելեց աշխարհահռչակ դաշնակահար Սէրուժ Գրաճեան, ընկերակցութեամբ համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին։ Տնօրէնութեան կողմէ հիւրընկալուելէ ետք,  մեծ երաժիշտը շրջեցաւ դպրոցին մէջ, ապա «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թ., Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտութեան հետ։ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի  բարի գալուստի հակիրճ խօսքէն…

ՀՈՂԻՆ ՈՒԺԸ

Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները ամբողջացնելէ ետք հայոց պատմութեան համապատասխան դասը, իրենց ուսուցիչին ցուցմունքով բեմականացուցին հայոց Արշակ Բ. թագաւորին եւ պարսիկ Շապուհին զրոյցը՝ ճեմելով հայկական եւ պարսկական «հողերուն» վրայ: Անոնք այս բեմականացումով շեշտեցին հայրենի հողին ուժն ու ազդեցութիւնը իւրաքանչիւր անհատի նկարագրին վրայ:

ԼԵՎԱՄ-Ի ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Կիրակի, 12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած Փինկ Փոնկի մրցաշարքը, Աղբալեան Հ.Մ.Ը.Մ. մարզամշակութային համալիրի «Սերժ Թովմասեան» սրահէն ներս:  Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ: Ստորեւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 12 տարեկան եւ վար, աղջիկներ՝ Ռիթա Մումջօղլեան (առաջին), Վանա…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 93-ԱՄԵԱԿ

Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին աւարտական դասարանի աշակերտները Նորսիկեան մանկապարտէզի պարիսպին մէկ բաժինին վրայ ներկեցին գծագրութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանի պատրաստած Ճեմարանի քայլերգին առաջին տողը՝ «Մեր բոլորիս դուն ուխտավար Ճեմարան»-ը: Յաջորդ օրը, առաւօտեան, աւարտականները կանուխ հասան դպրոց եւ մուտքին բաժնեցին թռուցիկներ՝ Ճեմարանի 93-ամեակին առիթով: Ուրբաթ, 3 Մարտ, 2023-ին տարրական…

ԼԵՎԱՄ-Ի ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՃԵՄԱՐԱՆԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ

Կիրակի, 5 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի Ճատրակի մրցաշարքը, Հ.Մ.Ը.Մ. Պէյրութի ակումբէն ներս:  Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այս մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտները ապահովեցին փայլուն արդիւնքներ: Ստորեւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունները. 12 տարեկան եւ վար, աղջիկներ՝ Մարիա Մարտիկեան (առաջին), տղաք՝ Մարք Մարտիկեան (առաջին), Նարեկ Բակլայեան (երկրորդ): 14…

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտները Հալէպի երկրաշարժի աղէտեալներուն օգտակար դառնալու համար կատարեցին բարեսիրական աշխատանք մը, իսկ աւելի բարձր կարգերու աշակերտներ օգնեցին տուփերուն ծրարումին եւ փոխադրութեան: Աշակերտները սորվեցան, որ աղէտի ժամանակ պէտք է վախի մթնոլորտէն ելլել եւ կատարել զանազան օգտաշատ աշխատանքներ:  

ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ

Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու աշակերտներուն հայրերը (ոմանց՝ մայրերը) այցելեցին մանկապարտէզ, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր ասպարէզը ներկայացնէ փոքրիկներուն, այսպիսով աւելի եւս ամրապնդելու «Արհեստներ եւ արուեստներ» կեդրոնական նիւթին բացատրութիւնը: Իւրաքանչիւր հայր իրեն հետ բերած էր իր գործին վերաբերող իրեր կամ նկարներ: Այս առիթով, փոքրիկները…