ԾԱՆՕԹԱՑԱՆՔ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻՆ

Ե. դասարանի աշակերտներս այս տարուան ընթացքին ուսումնասիրեցինք Հայկական բարձրաւանդակին աշխարհագրութիւնը: Աշխարհագրութեան մեր վերջին դասին մէջ սորվեցանք, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, մեր մեծ հայրերէն ու մեծ մայրերէն շատերուն ծնողները, որոնք Լիբանան հասած առաջին հայերն էին, Պէյրութ մայրաքաղաքին մօտ և Պուրճ Համուտ աւանին մէջ ստեղծած են բնակավայրեր, որոնց տուած են իրենց քաղաքներուն, լեռներուն ու գետերուն անունները, ինչպէս՝  Նոր Կիլիկիա, Նոր Մարաշ, Նոր Ատանա, Նոր Սիս, Նոր Հաճըն, Ամանոս, Արաքս, Արագած…

Ուրբաթ 12 Մայիս 2023-ին մեր հայերէնի, աշխարհագրութեան եւ մարզանքի ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցինք Պուրճ Համուտ, աւելի մօտէն ծանօթանալու համար անոր աշխարհագրութեան եւ հայանուն թաղամասերուն:

Մեր առաջին կայանը եղաւ «Պատկեր» Հայ մշակոյթի կեդրոնը, ուր մեզ դիմաւորեց Օրիորդ Արփի Մանկասարեանը: Ան մեզի խօսեցաւ Հայ ինքնութեան եւ նկարագիրին մասին, ինչպէս նաեւ բացատրեց,  թէ Հայ մնալու համար որքան կարեւոր են մեր հայկական արուեստներուն, ձեռագործներուն եւ  տարբեր–տարբեր արհեստներուն պահպանումը: Օրիորդ Արփին մեզի ցոյց տուաւ Մարաշի, Սուազի, Այնթապի եւ Ուրֆայի գեղեցիկ ձեռագործներէն նմոյշներ ինչպէս նաեւ՝ Հայկական գորգագործութենէն օրինակներ: Մենք ալ մեր կարգին, մեծ հաճոյքով եւ հպարտութեամբ խօսեցանք մեր մեծ հայրերուն արհեստներուն եւ մեր մեծ մայրերուն մեզի պատմած հին պատմութիւններուն եւ պատրաստած հայկական կերակրատեսակներուն մասին:

Օրիորդ Արփին մեզի հրամցուց իր իսկ պատրաստած փոքրիկ թահինով-հացերն ու թարմ նարինջի հիւթը, որմէ ետք քալելով շարունակեցինք մեր շրջապտոյտը եւ ծանօթացանք Պուրճ Համուտի հայկական տարբեր թաղամասերուն՝ Նոր Մարաշէն անցնելով Արաքս փողոցն ու ուղղուելով դէպի Նոր Կիլիկիա, Նոր Սիս … Մեզի համար շատ հետաքրքրական էր տեսնել, որ փոքրիկ Պուրճ Համուտին մէջ որքան մեծ թիւով հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ կառուցած է մեր մեծ մեծ հայրիկներուն սերունդը եւ որքան տպաւորիչ է ամէն կողմ կարդալ հայկական տառերով եւ հայկական անուններ կրող ցուցատախտակներ ու տեսնել Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, որոնք կը ծածանէին Պուրճ Համուտի տուներուն պատշգամներէն …

Թէեւ յոգնած, սակայն հպարտ ու շատ ուրախ վերադարձանք դպրոց: