Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Շաբաթ, 20 Մայիս, 2023-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջդպրոցական զարգացման մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն Ժուլիանա Թրթռեան, Սեւակ Զարմէնեան եւ Հայկ Թենպէլեան:
Կը շնորհաւորենք Ճեմարանը ներկայացնող աշակերտները, որոնք հանդիսացան երկրորդ:
