«ԵՐԿՐԱ-BURGER»

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2023-ին, նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները լաւ ծանօթանալէ ետք երկրագունդին կլիմայական գօտիներու ենթաբաժանումներուն, երկրագունդը նմանցուցին «Burger»-ի, աշակերտ մըն ալ զայն անուանեց «Երկրա-Burger»:

Այսպէս, ճեմելով ուղղուեցան դէպի մանկարտէզի պարտէզը, ուր իրենց կը սպասէր անակնկալ մը. գարնանային գեղեցիկ բնութիւնը վայելելով իւրաքանչիւր աշակերտ որոշեց իր  «Երկրա-Burger»-ին բաղադրութիւնները, ապա միասնաբար ճաշակեցին զայն: