ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ

Մամուլի ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, Ուրբաթ 5 Մայիս 2023-ին, Համազգայինի Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան Ճեմարանի Թ․ դասարանի աշակերտներս այցելեցինք «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատունը։

Առաջին հերթին, հաւաքուեցանք «Փիւնիկ» սրահ, ուր մեզ դիմաւորեց լիբանանեան լուրերու խմբագիր՝ Արշօ Պալեան։ Վերջինս տեղեկութիւններ փոխանցեց թերթի բաժանմունքներուն եւ իւրաքանչիւր էջի բովանդակութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ կարեւորեց ապակայունացումէն խուսափիլն ու միայն հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկութիւն քաղելը։ Ան ըսաւ, որ թերթին աշխատակիցները մինչեւ ուշ ժամերը կ՝աշխատին, որպէսզի Լիբանանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած կամ ունեցող իրադարձութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն:

Ան  ներկայացուց նաեւ «Ազդակ» օրաթերթին կողմէ կազմակերպուած «Ապագայ լրագրողներ»ու վարժողական ծրագիրին նպատակը եւ գործունէութիւնը՝ քաջալերելով, որ յառաջիկայ տարիներուն մեր կարգին մասնակցութիւն բերենք անոր։

Այնուհետեւ «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան միացաւ մեզի եւ բացատրեց, որ «Ազդակ» իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր եւ մինչեւ օրս անընդմէջ կը հրատարակուի, եւ կը շարունակէ իր  առաքելութիւնը՝ հակառակ Լիբանանի դժուարին  պայմաններուն:

Իմացանք նաեւ, որ 2002 թուականէն ի  վեր «Ազդակ» ունի համացանցի  վրայ զետեղուած իր կայքէջը եւ կարելի է ներբեռնել զայն որեւէ ելեկտրոնային գործիքի մէջ: Շահան Գանտահարեան ըսաւ, որ «Ազդակ» կը հասնի աշխարհի  չորս ծագերուն ապրող հայերուն եւ ունի մեծ թիւով այցելուներ, որոնց թիւը մօտաւորապէս հինգ հարիւր հազարի հասած է 2006-ին: Իսկ դէպքերու շատ արագ փոխանցումին համար օրաթերթը  արագ լրահոսի դրութիւնը ստեղծած է:

Դաստիարակչական զրոյցէն ետք, Արշօ Պալեանի ընկերակցութեամբ, աշակերտներս շրջեցանք խմբագրատան գրասենեակները, ուր ծանօթացանք գրաշարներուն, էջադրողներուն ու վերստուգող սրբագրիչին եւ տեսանք իւրաքանչիւրին դերն ու տարած լուրջ աշխատանքին ընթացքը։ Այսպէս, մենք առիթը ունեցանք նաեւ ականատես ըլլալու «Ազդակ» օրաթերթին մէջ տեղադրուող լուրի մը եւ դարձանք առաջին ընթերցողը:

Մեր բոլորին հետքրքրութեան գոհացում տալէ ետք, Արշօ Պալեան մեզի նուիրեց «Ազդակ»ի քանի մը բացառիկներ, զորս մեծ ուրախութեամբ դպրոց բերինք:

Սելին Գիլէճեան

Շուշի Գասապեան

Լոռի Բակլայեան

Մարգրիտ Ղազարեան,

Սարին Մահտեսեան

 Զուլալ Պեզճեան