ՆԺԴԵՀ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ին, ժամը 1:45-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ նուիրուած՝ Ժ. դասարանի աշակերտ, վաղամեռիկ Նժդեհ Մերտխանեանին:

Նժդեհին մահուան քառասունքին առիթով խօսքը ընթերցեց Ժուլիանա Թրթռեան, ապա ցուցադրուեցաւ դասընկերներուն կողմէ պատրաստուած տեսերիզը: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան իր խօսքէն ետք, ներկայացուց Նժդեհին յիշատակի գրքոյկը: Այնուհետեւ Ժ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ իրենց սրտի խօսքերը ընթերցեցին, ապա խօսքը տրուեցաւ Նժդեհին հօրը: Ձեռնարկի աւարտին, մայրերու օրուան առիթով, աշակերտները ծաղկեփունջ նուիրեցին Նժդեհին մօրը: