ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 10 Մայիս 2023-ին, տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան տօնին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ գտնուեցանք բոլորս՝ միջնակարգի աշակերտներս։

Արցախի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք,  Թ. դասարանէն Ժան Կարապետեան խնդրեց, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգենք Արցախը ազատագրելու եւ աւելի ուշ՝ սահմանները պաշտպանելու ժամանակ նահատակուած ազատամարտիկներուն եւ զոհուած բոլոր հերոսներուն յիշատակը: Ապա ձեռնարկին բացման խօսքը ընթերցեց ու անդրադարձաւ «2020-ի քառասունչորս օրուան պատերազմէն ետք ստեղծուած պայմաններուն եւ անոր հետեւանքներուն պատճառով ստեղծուած համատարած համազգային յուսախաբութեան:  «Փաստօրէն հաւաքուած ենք այստեղ, մտերմաբար նշելու Մեր Շուշիին ազատագրութեան տարեդարձը եւ համոզուած ենք, որ անոր ոգեշնչած անկախութեան ու ազատութեան գաղափարը պիտի առաջնորդէ նորանոր յաղթանակներու» հաստատումով ան աւարտեց իր խօսքը:

Ապա Ը. դասարանէն Սանահին Սէյիսեան ասմունքեց Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի «ՏՂԵՐՔԻՆ…» բանաստեղծութիւնը, որ քաղուած էր «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐԵԱՆ ԵՐԳԵՐՈՎ» շարքէն:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Համազգայինի կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան։ Ան նախ ըսաւ, որ ինք Շուշիի պատուոյ քաղաքացի՝ Շուշեցի է: Ապա խօսելով Շուշիի եւ Արցախի ներկայ վիճակին մասին ան ըսաւ, որ Շուշին այժմ մեր ձեռքը չէ, սակայն ան կ’ապրի ամէն հայու սրտին մէջ: Ան նկարագրեց նաեւ 1992-ի Շուշին, անդրադարձաւ երեխաներուն դժուար պայմաններուն, ելեկտրականութեան հարցին եւ առաջին տարիներուն «Վարանդա» երգչախումբին դժուարութիւններուն: Ապա պատմեց Շուշիի մէջ իր ապրած ու տեսած փորձառութենէն դրուագներ եւ հասնելով 2020-ի 44  օրուան պատերազմին, ըսաւ որ ներկայիս՝ անոր հետեւանքով, Արցախի ժողովուրդին աչքերուն խորը կը տեսնենք ցաւ եւ տխուր յիշողութիւններ, բայց  հակառակ անոր, անոնք ունին իրենց պապերէն ժառանգած տոկունութիւն:

Ան անդրադարձաւ նաեւ այսօրուան վտանգաւոր կացութեան եւ ըսաւ որ Արցախը կորսնցնելը չէ հարցը, այլ մեր մտածելու կարողութիւնը, որ զարգացած է առաւելաբար անհատական մարզին մէջ, մինչ  մեր հաւաքական «այ.քիու.»ն շատ ցած մակարդակի վրայ մնացած է, եւ այդ պատճառով չենք պատրաստուած այս օրերուն համար:  Մեզի թելադրեց արթուն ըլլալ, չյուսահատիլ եւ պահել պայքարի ոգին:

Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան ասմունքեց «Հայրենիքը տուն բերել» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ձեռնարկը փակուեցաւ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեաններու նուագով։

Մեղրի Գասապեան