ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳ

Հինգշաբթի, 18 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Ճեմարանի բացօթեայ խաղավայրին մէջ, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն կազմակերպած հրաժեշտի խորովածի երեկոն՝ տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ներկայութեամբ։

Ուրբաթ, 19 Մայիսի առաւօտեան կանուխ ժամերէն աւարտականները  դպրոցին մուտքին ուրախութեամբ դիմաւորեցին աշակերտութիւնն ու անձնակազմը։ ԺԱ. դասարանին հետ նախաճաշելէ ետք, ժամը 8։45-ին, աւարտականները մեկնեցան դէպի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ուր զիրենք դիմաւորեց Ճեմարամնի շրջանաւարտ, երկար տարիներու ուսուցիչ եւ պատասխանատու Նորայր Նաճարեան: Ան անդրադարձաւ Ճեմարանի պատմականին եւ տեղեկութիւններ տուաւ կառոյցին ու հոն զետեղուած քանդակներուն մասին: Ապա աւարտականները այցելեցին Ֆըրըն Շըպպէքի գերեզմանատան մէջ գտնուող Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի դամբարանները, ուր երգեցին Ճեմարանի քայլերգը։ Անոնք այցելեցին նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի եւ Ճեմարանի վաստակաշատ կրթական պատասխանատու Օրդ. Ալիս Գազանճեանի դամբարանները: 

Ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ պտոյտ մը կատարելէ եւ ճաշելէ ետք, աւարտականները վերադարձան դպրոց եւ պատրաստուեցան վերջին զանգին։ Վերջին պահուն, Ճեմարանի մեծ ընտանիքին՝ շրջանաւարտներուն, ծնողներուն, անձնակազմին եւ աշակերտութեան ներկայութեան, անոնք պարերով, ուրախ կանչերով, բայց յուզուած ներաշխարհով հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցական կեանքին։