ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»

Ուրբաթ, 5 Մայիս 2023-ին, մենք` ճեմարանի ութերորդ դասարանի աշակերտներս, այցելեցինք «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր կը գտնուի սփիւռքահայութեան լաւագոյն ռատիոկայանը՝ «Վանայ Ձայն»ը։

Բարձրանալէ ետք երկրորդ յարկ, մեզ դիմաւորեց «Վանայ Ձայն»ի տնօրէն՝ Պարոն Վիգէն Աւագեանը։ Նախ ան մեզի ցոյց տուաւ կեդրոնին տարբեր գրասենեակները, ինչպէս՝ արձանագրութեան, ձայնի հաղորդավարի, լուրերու հաղորդումի, ուղիղ սփռումներու, հարցազրոյցի, եւայլն։ Ապա ան մեզ հրաւիրեց իր անձնական գրասենեակը, ուր մանրամասն բացատրեց «Վանայ Ձայն»ին նպատակը եւ այլազան տեղեկութիւններ փոխանցեց ռատիոկայանին արհեստավարժ անձնակազմին մասին։ Ան նշեց, որ «Վանայ Ձայն»ի կայանին վրայ կը սփռուին տարբեր տեսակի հաղորդումներ՝ տնտեսական, ծանուցումներ, ինչպէս նաեւ՝ փոքրերու եւ մեծերու հետաքրքրութիւնը գոհացնող յայտագիրներ, աշխարհահռչակ հիւրերու հետ հարցազրոյցներ, երգեր, ազգային, միջազգային եւ համաշխարհային լուրեր եւայլն։

Վիգէն Աւագեան ըսաւ նաեւ, որ «Վանայ Ձայն»ը ո՛չ միայն ռատիոյի վրայ կարելի է լսել, այլ կարելի է ունկնդրել իր սեփական կայքէջին վրայ, ինչպէս նաեւ՝ դիտել հաղորդումները անոր դիմատետրի կամ YouTube-ի էջերուն վրայ։ Իսկ երբ անոր այս կամ այն յայտագիրին ձայնասփռուած ժամուն անկարելի ըլլայ հետեւիլ, աւելի ուշ կրնանք մտնել արխիւներու բաժինը եւ նախապէս ձայնասփռուած յայտագիր մը  ունկնդրել:

Ան ըսաւ, որ լաւ խօսնակ մը լաւ հայերէն ու համարձակօրէն խօսելու կարողութիւնը պէտք է ունենայ։ «Վանայ Ձայն»ի անձնակազմէն ու հաղորդավարներէն ալ նոյն խօսքը լսեցինք, այսինքն՝ առանց սիրելու կարելի չէ այսպիսի գործ մը բծախնդրօրէն կատարել: Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ կը յուսան ներկայ սերունդի հայ պատանիներէն,  որ ապագային իրենց առաքելութիւնը շարունակեն։

Աշակերտներս առիթը ունեցանք մեր հարցումները ուղղելու եւ մեր մտքերը լուսաբանելու։ Նաեւ փորձեցինք ձայներ արձանագրել եւ «editing»-ի գաղափարը ունեցանք ու փորձարկեցինք։

Շատ հաճելի այցելութիւն մըն էր: Մենք այնտեղ տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ ստացանք «Վանայ Ձայն»ի եւ ընդհանրապէս հայ մամուլի մասին։ Ու բարձր տրամադրութեամբ եւ նոր գիտելիքներով վերադարձանք դպրոց։

Կը յուսանք, որ այսպիսի պտոյտներ յաճախ կը կազմակերպուին։

Լոռիթա Սրուրեան

Արմէն Մխճեան