ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՊԱԳԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ»-ՈՒ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

«Ազդակ» օրաթերթ.- Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ունեցան իրենց շաբաթական ընթացիկ հանդիպումը:

Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նոյն օրուան «Ազդակ»-ի թիւով լոյս տեսած իրենց յօդուածները, գրութիւնները եւ առաջին աշխատանքները քննարկելու:

Ապագայ լրագրողները գոհունակութեան մթնոլորտի մը մէջ առարկայական կերպով քննարկեցին իրենց գրութիւնները, արտայայտեցին իրենց մտածումները` իրենց կատարած աշխատանքին մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացան այն հոլովոյթին, որմէ իրենց գրութիւնը անցած է` թուղթին յանձնուելէն մինչեւ հրատարակուիլը:

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակից Ճեմարանի աշակերտներուն յօդուածներուն յղումներն են.
Սեւակ Զարմէնեան՝ Խաւարէն Դէպի Լոյս. Այցելութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան https://www.aztagdaily.com/archives/579253
Լոռի Յովսէփեան՝ Մուսա Լերան 40 Օրերը https://www.aztagdaily.com/archives/579246
Գարին Գույումճեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան Այցելութենէն Տպաւորութիւններ https://www.aztagdaily.com/archives/579217
Արազ Խտըրեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Այցելութիւն` Լուսանկարներու Ընդմէջէն https://www.aztagdaily.com/archives/579213