ԱԿՌԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Փետրուար ամսուան ընթացքին, տարեկան առողջապահական ընթացիկ քննութիւններու ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի դասարաններու աշակերտներուն ակռաներու ընդհանուր քննութիւնը՝ ատամնաբոյժ եւ վիրաբոյժ Տոքթ. Գարմէն Պոյաճեան-Մխճեանի կողմէ, հիւանդապահուհի օրիորդ Քրիստին Մխճեանի ներկայութեամբ եւ հսկողութեամբ։

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան եւ մասնակցութեամբ 150 շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ բարեկամներու, շաբաթ, 19 փետրուար 2011-ին, Ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ճոխ մթնոլորտով հաւաքոյթ մը: 2002-ի շրջանաւարտ Իվոն Այվազեան հայերէն երգերով մասնակցեցաւ գեղարուեստական յայտագրին: Հայկական շուրջպարով ներկաները խանդավառեցին մթնոլորտը մինչեւ ուշ ժամեր:

ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԽՕՍԻՆՔ

Հինգշաբթի, 10 Փետրուարին Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին ֆրանսերէն լեզուի տեղեկատուական հատուածի դասին ծիրէն ներս իրենց կատարած ուսումնասիրական խմբակային աշխատանքը։ Առիւծը, թիթեռնիկը, վագրը, նապաստակը եւ այլ անասուններ դարձան խօսուն եւ իրենք զիրենք ներկայացուցին ֆրանսերէն լեզուով։ Իւրաքանչիւր խմբակ իր ընտրած անասունին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով յաջողեցաւ զարգացնել դասընկերներուն գիտելիքներն ու…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Փետրուար ամսուան առաջին շաբաթը նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդական բաժինի աշակերտները զբաղած էին իրենց քննութիւններով, մինչ դպրոցական առօրեայ կեանքը կը շարունակուէր մանկապարտէզի, տարրական բաժինի ու Դ. դասարանին մէջ։ Տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները այցելեցին իրենց «հին դպրոցը» եւ «հին ընկերներուն»՝ կանաչ դասարանի աշակերտներուն հետ ժամանակ անցուցին, միասին ճաշեցին ու…

ՁՄՐԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐԸ

Նորսիկեան մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտները ձմրան հագուստներուն վերաբերող անհրաժեշտ բառամթերքին տիրապետելէ ետք, կազմակերպեցին ցուցադրութիւն մը։ Անոնք բուրդէ գունաւոր վզկապներ, գլխարկներ եւ ձեռնոցներ հագած նկարուեցան իրենց դասարաններուն եւ մանկապարտէզի բակին մէջ։ Ի՜նչ հաճելի է ձմեռը, երբ մարդիկ լաւ պատսպարուած են ցուրտին դէմ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ WOODEN BAKERY

Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2011-ին, տարրական բաժնի Ա. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հացատուն եւ ծանօթացան հացի պատրաստութեան զանազան հանգրուաններուն։ Հայերէն լեզուի ու գիտութեան ուսուցչուհին տեղւոյն վրայ աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս մեր օրերուն արդիական գործիքներուն շնորհիւ, արագութեամբ կը պատրաստուին հացն ու խմորեղէնները։ Աշակերտները համտեսեցին հացը եւ իրենց հրամցուած…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 21 Յունուարին, «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն Թ. դասարանի աշակերտներուն։ «Հորիզոն»ը թմրամոլութեան նիւթը կ՚արծարծէ հայկական զանազան միջավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ կ՚օգնէ թմրամոլներուն դուրս գալու այդ վիճակէն։ Աշակերտներուն ներկայացուեցան թմրեցուցիչներուն զազազան տեսակները եւ անոնց պատճառած վնասները։ Դասախօսութեան աւարտին թմրեցուցիչին «Ոչ ըսելու»…

«ՈՒԱԼԻՏ ՊԸՆ ԹԱԼԱԼ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԼԷՅԼԱ ՍՈԼՀ-ՀԱՄԱՏԷ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

«Ուալիտ Պըն Թալալ» մարդասիրական հաստատութիւնը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին նուիրեց ելեկտրոնային արդիական կազմածներ՝ երկրորդական բաժինի դասարաններուն, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային գրադարանի մը անհրաժեշտ գործիքներն ու համակարգիչները: Հինգշաբթի, 20 Յունուար 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, նախկին նախարար եւ «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութեան նախագահ Լէյլա Սոլհ-Համատէ այցելեց Ճեմարան, ուր…

ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 21 Յունուարին, Ե. դասարանի աշակերտները դասարանէն ներս գտնուող ձեռակերտ հեռատեսիլ մը օգտագործելով, դարձան լրագրողներ ու հաղորդավարներ եւ ներկայացուցին զիրենք հետաքրքրող զանազան նիւթեր։ Աշակերտները նախապէս կատարած էին իրենց նախընտրած նիւթին վերաբերող պատի թերթի աշխատանքը, ապա ֆրանսերէնի համադրող ուսուցչուհիին եւ կրթական պատասխանատուին ներկայութեան իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր աշխատանքը։ Հետաքրքրական այս…

ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 19 Յունուարին արաբերէն լեզուով բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնելու ծիրէն ներս, Զ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին իրենց կատարած ծանուցում պատրաստելու դասարանային աշխատանքը։ Իւրաքանչիւր խմբակ բեմականացուած ձեւով կատարեց իր ընտրած արտադրութեան արաբերէն լեզուով ծանուցումը։ Աշակերտները ուրախութեամբ հետեւեցան իրենց ընկերներուն ներկայացումին եւ անշուշտ ընկալեցին նոր բառամթերք։

30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 30 Դեկտեմբերի առաւօտեան Նախակրթարանի աշակերտներուն համար դասարաններէն ներս կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։ Անոնք նուէրներ փոխանակեցին, ապա փոխադրակառքերով մեկնեցան դիտելու ամանորեան Tangled շարժապատկերը։ Աշակերտները գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։ Միջնակարգի աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ տօնեցին կաղանդը, ներկայացնելով իրենց իսկ պատրաստած յայտագիրը, որ կ՚ընդգրկէր պար, նուագ…

29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին Ճեմարանի Մանկապարտէզի ու Մանկամսուրի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը, որուն կեդրոնը զետեղուած Հայկական Տօնածառը բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէր։ Ան զարդարուած էր աշակերտներուն բերած մրգեղէններով։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիները տօնածառի,…