ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Փետրուար ամսուան առաջին շաբաթը նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդական բաժինի աշակերտները զբաղած էին իրենց քննութիւններով, մինչ դպրոցական առօրեայ կեանքը կը շարունակուէր մանկապարտէզի, տարրական բաժինի ու Դ. դասարանին մէջ։ Տարրական բաժինի Ա. դասարանի աշակերտները այցելեցին իրենց «հին դպրոցը» եւ «հին ընկերներուն»՝ կանաչ դասարանի աշակերտներուն հետ ժամանակ անցուցին, միասին ճաշեցին ու խաղացին Նորսիկեան մանկապարտէզի բակին մէջ։