ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 21 Յունուարին, Ե. դասարանի աշակերտները դասարանէն ներս գտնուող ձեռակերտ հեռատեսիլ մը օգտագործելով, դարձան լրագրողներ ու հաղորդավարներ եւ ներկայացուցին զիրենք հետաքրքրող զանազան նիւթեր։ Աշակերտները նախապէս կատարած էին իրենց նախընտրած նիւթին վերաբերող պատի թերթի աշխատանքը, ապա ֆրանսերէնի համադրող ուսուցչուհիին եւ կրթական պատասխանատուին ներկայութեան իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր աշխատանքը։ Հետաքրքրական այս դասապահը զարգացուց Ֆրանսերէն լեզուով համարձակութեամբ արտայայտուելու աշակերտին կարողութիւնը։