ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ԽՕՍԻՆՔ

Հինգշաբթի, 10 Փետրուարին Դ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին ֆրանսերէն լեզուի տեղեկատուական հատուածի դասին ծիրէն ներս իրենց կատարած ուսումնասիրական խմբակային աշխատանքը։ Առիւծը, թիթեռնիկը, վագրը, նապաստակը եւ այլ անասուններ դարձան խօսուն եւ իրենք զիրենք ներկայացուցին ֆրանսերէն լեզուով։ Իւրաքանչիւր խմբակ իր ընտրած անասունին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով յաջողեցաւ զարգացնել դասընկերներուն գիտելիքներն ու բառամթերքը։