ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 21 Յունուարին, «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն Թ. դասարանի աշակերտներուն։ «Հորիզոն»ը թմրամոլութեան նիւթը կ՚արծարծէ հայկական զանազան միջավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ կ՚օգնէ թմրամոլներուն դուրս գալու այդ վիճակէն։ Աշակերտներուն ներկայացուեցան թմրեցուցիչներուն զազազան տեսակները եւ անոնց պատճառած վնասները։ Դասախօսութեան աւարտին թմրեցուցիչին «Ոչ ըսելու» արդարացուցիչ պատճառներ պարունակող գրքոյկներ բաժնուեցան աշակերտներուն։ Սարին Սիւփիւրկէճեան Թ. դասարան