«ՈՒԱԼԻՏ ՊԸՆ ԹԱԼԱԼ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԼԷՅԼԱ ՍՈԼՀ-ՀԱՄԱՏԷ՝ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

«Ուալիտ Պըն Թալալ» մարդասիրական հաստատութիւնը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին նուիրեց ելեկտրոնային արդիական կազմածներ՝ երկրորդական բաժինի դասարաններուն, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային գրադարանի մը անհրաժեշտ գործիքներն ու համակարգիչները: Հինգշաբթի, 20 Յունուար 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին, նախկին նախարար եւ «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութեան նախագահ Լէյլա Սոլհ-Համատէ այցելեց Ճեմարան, ուր պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ դպրոցի տնօրէնութեան, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Ճեմարանի խնամակալութեան անդամներուն, ծնողական Խորհուրդին, ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն եւ աշակերտութեան կողմէ։ Տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ ծանօթացման խօսքեր փոխանակելէ ետք, Լէյլա Սոլհ-Համատէ ուղղուեցաւ դէպի «Նորսիկեան» մանկապարտէզ, ուր ականատես եղաւ կանաչ դասարանի փոքրիկներուն աշխատանքին։ Վերադառնալով դպրոցական շէնք՝ մուտքին զետեղուած նկարներուն եւ արձաններուն մեկնաբանութիւններով ան ծանօթացաւ Ճեմարանի հիմնադիրներուն, ապա այցելեց դպրոցին սրահներէն մէկը, ուր իմաստասիրութեան ուսուցիչ Վաչէ Ծատուրեան աւարտական դասարանի աշակերտներուն կը դասաւանդէր արհեստագիտութեան ընձեռած նորութիւններուն օգտագործման կարելիութիւններուն մասին։ Լէյլա Սոլհ- Համատէ գոհունակութեամբ դիտեց ելեկտրոնային պաստառի սփռումով այս դասաւանդումը եւ հաստատեց, որ քաջալերելի է մեր կեանքը դիւրացնող եւ դասաւանդութեան որակը բարձրացնելու կոչուած արհեստագիտութեան կարեւոր յառաջդիմութիւնը, սակայն ան պէտք չէ կիրարկուի չարաշահութեամբ՝ մարդկային ուղեղը բթացնելու աստիճան, պէտք չէ խափանէ ընթերցումը եւ մարդկութեան բնականոն զարգացումը։ Լէյլա Սոլհ-Համատէ աշակերտութեան եւ ծնողներուն կողմէ դիմաւորուեցաւ «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ՝ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը։ Ե. դասարանի արաբերէնի ուսուցչուհի Արշօ Ղազալ բացման խօսքով ողջունեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» հաստատութեան նախագահը եւ ներկայացուց յայտագիրը, որ սկսաւ ճեմարանի հիմնադրութեան, տեղափոխութեան եւ բարգաւաճման հանգրուանները ներկայացնող նկարներու ցուցադրութեամբ, ուր նախկին նախագահ Պշարա Խուրի եւ վարչապետ Ռիատ Սոլհ իրենց ներկայութեամբ պատուած են Զոքաք Էլ Պլաթ շրջանին մէջ գտնուող Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բացման հանդիսութիւնը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ընթրիքի երեկոն։ Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան խօսք առնելով ողջունեց այս պատմական այցելութիւնը, ապա անդրադառնալով 1930-ին հիմնուած Ճեմարանի՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի զանազան հանգրուաններուն գոյատեւման ու բարգաւաճման, տնօրէնութեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, աշակերտութեան եւ անոնց ծնողներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» մարդասիրական հաստատութեան, որ իր նուիրատուութեամբ սատարեց Ճեմարանի կրթական առաքելութեան բարգաւաճման գործին։ Տնօրէնի խօսքէն ետք Լէյլա Սոլհ-Համատէ բեմ բարձրացաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց ընտանեկան ջերմ ընդունելութեան համար եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Նշան Փալանճեան ճեմարանի բացման հանդիսութեան ատեն իր հօր ներկայութեան վերաբերող նկարին համար, որ մեծ անակնկալ մըն էր իրեն։ Ան գնահատեց հայ ժողովուրդը, որ պարտադրաբար հայրենիք կորսնցելէ ետք անկախութեան գինը գիտցող ազգ է։ Ապա Ճեմարանի տնօրէնը Լէյլա Սոլհ-Համատէին փոխանցեց Ճեմարանի յուշանուէրը՝ ջահը, ինչպէս նաեւ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բացման հանդիսութեան նկարը։ Գեղարուեստական յայտագիրը ամբողջացաւ Ե. դասարանի աշակերտուհիներուն «Երուանդաշատ» պարով, որմէ ետք Դ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ արաբերէնով ազատութեան մասին երգեցին, իսկ աւարտական դասարանէն Բալիկ Արոյեան դաշնակով նուագեց Ռահպանիներու մէկ յօրինումը։ Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։