ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ WOODEN BAKERY

Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2011-ին, տարրական բաժնի Ա. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին հացատուն եւ ծանօթացան հացի պատրաստութեան զանազան հանգրուաններուն։ Հայերէն լեզուի ու գիտութեան ուսուցչուհին տեղւոյն վրայ աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս մեր օրերուն արդիական գործիքներուն շնորհիւ, արագութեամբ կը պատրաստուին հացն ու խմորեղէնները։ Աշակերտները համտեսեցին հացը եւ իրենց հրամցուած կարկանդակը. անոնք գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։