ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 19 Յունուարին արաբերէն լեզուով բանաւոր արտայայտութիւնը զարգացնելու ծիրէն ներս, Զ. դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին իրենց կատարած ծանուցում պատրաստելու դասարանային աշխատանքը։ Իւրաքանչիւր խմբակ բեմականացուած ձեւով կատարեց իր ընտրած արտադրութեան արաբերէն լեզուով ծանուցումը։ Աշակերտները ուրախութեամբ հետեւեցան իրենց ընկերներուն ներկայացումին եւ անշուշտ ընկալեցին նոր բառամթերք։