29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին Ճեմարանի Մանկապարտէզի ու Մանկամսուրի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը, որուն կեդրոնը զետեղուած Հայկական Տօնածառը բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէր։ Ան զարդարուած էր աշակերտներուն բերած մրգեղէններով։ Մանկապարտէզի ուսուցչուհիները տօնածառի, ձիւնէ մարդու եւ թզուկներու կերպարներով հանդէս եկան կոկիկ յայտագիրով մը, որ կ՚ընդգրկէր իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուած երգեր ու պարեր։ Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ մանկամսուրի փոքրիկները ամանորեան ուրախ պարով մը։ Ի վերջոյ ժամանեց աշակերտներուն կողմէ ամէնէն աւելի սպասուած անձնաւորութիւնը՝ Կաղանդ պապան։ Ան բաժնեց նուէրներով լեցուն պարկերը, այնուհետեւ աշակերտները ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները ստանալու համար նուէրները։ Մանկամսուրի փոքրիկները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ տօնակատարութիւնը շարունակեցին մանկամսուրի մէջ, ուր պատրաստուած էր կաղանդի յատուկ հիւրասիրութիւն։ Նոյն օրը, ժամը 11-ին, տարրական բաժինի աշակերտները կաղանդը տօնեցին «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, ծնողներու ներկայութեամբ։ Անոնք հանդէս եկան Նոր Տարուան վերաբերող հայերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով երգերով ու արտասանութիւններով։ Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ նուագ ու ճոխ պարեր։ Կաղանդ Պապային ժամանումէն ետք, աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները նուէրները ստանալու, ապա մեկնեցան ամանորեան արձակուրդի։