30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 30 Դեկտեմբերի առաւօտեան Նախակրթարանի աշակերտներուն համար դասարաններէն ներս կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։ Անոնք նուէրներ փոխանակեցին, ապա փոխադրակառքերով մեկնեցան դիտելու ամանորեան Tangled շարժապատկերը։ Աշակերտները գոհ եւ ուրախ վերադարձան դպրոց։ Միջնակարգի աշակերտները «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ տօնեցին կաղանդը, ներկայացնելով իրենց իսկ պատրաստած յայտագիրը, որ կ՚ընդգրկէր պար, նուագ եւ երգ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն։ Երեկոյեան, նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լսարանական Միութեան ամանորի խրախճանքը։