ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Յուլիս ամսուան ընթացքին մանկամսուրի ծրագիրը տարբեր բնոյթ մը կը ստանայ. Երկուշաբթի օրերը երեխաները կ՚ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընթացքին։ Երեքշաբթի օրերը փոքրիկները կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով անուշեղէններու պատրաստութեան։ Չորեքշաբթին ամէնէն սպասուած օրն է. երկու մեծ լողաւազաններու մէջ երեխաները ուրախ ժամանակ կ՚անցընեն։ Հինգշաբթի ձեռային աշխատանքի…

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայութեամբ։ Հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն դպրոցական տարիներու զանազան առիթներու նկարներով տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որմէ ետք…

ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աւարտական դասարանի ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 45 աշակերտներէն յաջողած են 43-ը (95,5 առ հարիւր): 17 աշակերտներ արժանացած են յիշատակութեան (7 լաւ, 10 բաւական լաւ): Ստորեւ` յաջողած աշակերտներուն անուանացանկը. Գիտական Դասարան.- Քլոէ Աճեմեան (լաւ), Կասիա Պալեան (լաւ), Բալիկ Գասարճեան (բաւական լաւ), Մարլինա Քէշիշեան…

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Չորեքշաբթի, 20 Յունիս 2012-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի հանդէսը, որ կ՚ընդգրկէր թատրոն, երգ, պար, նկարչութիւն, kong fu եւ ձեռային աշխատանք։ Թատրոնի խմբակի աշակերտները ներկայացուցին «Սասունցի Դաւիթ» երաժշտախառն չափածոյ թատերախաղը՝ բեմադրութեամբ թատրոնի ուսուցիչ Ռոպերթ Առաքելեանի։ Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երկու երգերով՝ Պիտի գնանք եւ Սասունասար, պարի խմբակը՝ հայկական եւ արաբական…

ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

2011-2012 տարեշրջանի տարրական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ։ Տարրական բաժինի աշակերտները հիւրերուն, ծնողներուն եւ հանդիսատեսներուն ներկայացուցին «Ոսկիի կարասը» երգախառն թատերախաղը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հեղինակ-բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին։ Երգուսոյցն էր Մարիա Պարտիզպանեան, իսկ պարուսոյց՝ Մարիժան Ատուրեան։ Բեմի յարդարումը իրագործած…

ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Կիրակի, 17 Յունիս 2012-ին տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտիկ, ՀՄԸՄ-ական նահատակ Ճեմարանի շրջանաւարտ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի մրցում մը` հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան:

ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթ, 9 Յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու։ Վարդագոյն, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու 145 աշակերտները ներկաները փոխադրեցին դէպի «մեծերու»…

ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂ

Ուրբաթ, 8 Յունիս 2012-ի առաւօտեան տարրական բաժինի բոլոր աշակերտները ուղղուեցան դէպի Աղբալեան ակումբ, ուր Գ. դասարաններու աշակերտները ոտնագնդակ խաղացին խանդավառ մթնոլորտի մէջ, իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ։ Գ1 եւ Գ2 դասարաններու աշակերտները կազմած էին «Արցախ» եւ «Հայաստան» ոտնագնդակի խումբերը։ Նոյն դասարաններու աղջիկներն ալ կազմած էին քաջալերող խումբեր։ Անոնք միջ-դադարային պարերով…

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Ուրբաթ, 1 Յունիս 2012-ին՝ երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները նշեցին հայրերու տօնը։ Անոնք երեք լեզուներով երգեցին ու արտասանեցին հայրերուն նուիրուած կտորներ. յետոյ խմբական խաղերով ու մրցումներով հաճելի ու զուարճալի ժամանակ անցուցին։ Ձեռնարկի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ հօրը նուիրեց յիշատակ մը, որ պատրաստուած էր Պրն. Գօգոյին հսկողութեամբ։

ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան Ճեմարանի Շրջանաւարտներու Միութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Համազգայինի «Սանահին» Մասնաճիւղին, Ս. Յակոբ դպրոցի «Ահարոնեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աւելի քան 50 ճեմարանականներու եւ ճեմարանաւարտներու հաւաք մը: Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, բացումը կատարեց Թամար Շահինեան-Փօլատեան, որ բարի գալուստ մաղթեց միութեան ատենապետին՝ Վաչէ Ծատուրեանին եւ բոլոր հին ու…

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 5 եւ Չորեքշաբթի, 6 Յունիս 2012-ին Տարրական բաժինի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ցուցմունքներով եւ հսկողութեամբ գնեցին ֆրանսերէն եւ արաբերէն լեզուներով գիրքեր, որպէսզի ամրան արձակուրդին խաղերու եւ պտոյտներու զուգահեռ կարդան հետաքրքրական եւ օգտաշատ գիրքեր։

LAU Science and Arts Fair 2012

Ճեմարանի աշակերտները այս տարի եւս մասնակցեցան «Science and Arts Fair»-ին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 10 եւ Ուրբաթ 11 Մայիս 2012-ին, LAU Ժպէյլի մէջ։ Գիտութեան բաժինին մասնակցեցան Խաժակ Թապագեան, Ռոստոմ Գարավարդանեան եւ Սէրուժ Հանտեան։ Արուեստի բաժինին՝ ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին salsa-oriental պարերու փունջ մը (պարողներ՝ Ճեսիքա Տէքէրմէնճեան,…