ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

2011-2012 տարեշրջանի տարրական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Յունիսի երեկոյեան ժամը 7։00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ։ Տարրական բաժինի աշակերտները հիւրերուն, ծնողներուն եւ հանդիսատեսներուն ներկայացուցին «Ոսկիի կարասը» երգախառն թատերախաղը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հեղինակ-բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանին։ Երգուսոյցն էր Մարիա Պարտիզպանեան, իսկ պարուսոյց՝ Մարիժան Ատուրեան։ Բեմի յարդարումը իրագործած էր գեղանկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանը։ Աշակերտները ոգեւորեցին ներկաները իրենց երգերով, պարերով ու թատերական ներկայացումով։ Ձեռնարկի աւարտին հանդիսատեսները խուռներամ բազմութեամբ ուղղուեցան տարրականի գոց բակը եւ դիտեցին աշակերտներուն ձեռային աշխատանքներն ու գծագրութիւնները։ Ձեռային աշխատանքները իրագործուած էին Էլօ Մելքոնեանին ցուցմունքներով, իսկ գծագրութիւնները՝ Գրիգոր Արբաճեանի ցուցմունքներով։ Ներկաները Ճեմարանէն բաժնուեցան ուրախ ու գոհունակ սրտով։