ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂ

Ուրբաթ, 8 Յունիս 2012-ի առաւօտեան տարրական բաժինի բոլոր աշակերտները ուղղուեցան դէպի Աղբալեան ակումբ, ուր Գ. դասարաններու աշակերտները ոտնագնդակ խաղացին խանդավառ մթնոլորտի մէջ, իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ։ Գ1 եւ Գ2 դասարաններու աշակերտները կազմած էին «Արցախ» եւ «Հայաստան» ոտնագնդակի խումբերը։ Նոյն դասարաններու աղջիկներն ալ կազմած էին քաջալերող խումբեր։ Անոնք միջ-դադարային պարերով ելոյթ ունեցան եւ վառ պահեցին մթնոլորտը։ Օրուան իրաւարարն էր մարզիկ Վարդուկ Մարգարեան։ Խաղը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ՝ 1 (Սարդարապատ) – 1 (Արցախ) արդիւնքով։ Բոլոր մասնակցողները ստացան ոսկի մետալներ «Միշտ ընկեր» կարգախօսով։