ԳԻՇԵՐԱԶԳԵՍՏԻ ՕՐ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՄԷՋ

Տան մտերմիկ եւ տաքուկ մթնոլորտը դպրոցէն ներս եւս վայելելու նպատակով, Ուրբաթ, 14 Մարտ 2014-ին, մանկամսուրի փոքրիկները եւ ուսուցչուհիները դպրոց եկան գիշերազգեստներով: Անոնք միասնաբար պատրաստեցին նախաճաշը: Ուտելէ ետք, ունկնդրեցին պատմութիւն մը, ապա տեսերիզ դիտեցին: Մանկապարտէզի սրահէն ներս խամաճիկ դիտելէ ետք, անոնք ճաշեցին ու մտան իրենց անկողինները եւ քնացան:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾՈՎԱՅԻՆ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գիտութեան դասի ամրապնդումին համար, Չորեքշաբթի, 12 Մարտ, 2014-ին, Դ. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելեցին «Les merveilles de la mer» ծովային անասուններու թանգարանը, ուր անոնց ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը՝ ծովային անասուններու մասին: Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն, ապա թանգարանին մէջ ցուցադրուած «aquarium»ներու մէջ ապրող անասունները դիտեցին:

ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՏԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳԸ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, Արցախի մշակոյթի շաբթուան ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2014-ին Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նոր սերունդի տաղանդներու համերգը՝ ներկայութեամբ մանկապարտէզի կանաչ դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ դպրոցի անձնակազմին: Համերգին ընթացքին իրենց երաժշտական գործիքներով եւ տաղանդով հանդէս եկան 12 տաղանդաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երեքշաբթի, 11 Մարտ 2014-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած «Հայկական լեռնաշխարհից ծնուած ոգին» խորագրով Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական չորրորդ մրցոյթ-փառատօնին մասնակցած Ճեմարանի հինգ աշակերտները՝ Միրէյ Սալորեան (առցանց քուէարկութեան լաւագոյն արդիւնք), Հրանդ Գալեմքէրեան, Իլայ Ծատուրեան, Էտուարտ Թաշճեան (խրախուսական մրցանակ) եւ Կալի Քէշիշեան, իրենց նկարչութեան ուսուցիչ Գրիգոր Արբաճեանի եւ…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Դ. դասարաններու աշակերտները բարեկենդանի նախօրեակին, իրենց դաստիարակներուն եւ նկարչութեան ուսուցիչին հետ պատրաստեցին հայկական թագեր եւ ճաշակեցին իրենց համար պատրաստուած հատիկը: Չորեքշաբթի, 5 Մարտ 2014-ին, Տիկ. Սօսէ Ճինպաշեան աշակերտներուն փոխանցեց բարեկենդանի խորհուրդը:Աշակերտները սորվեցան ու երգեցին բարեկենդանի յատուկ երգեր եւ խաղացին նոյն տօնին յատուկ խաղեր: Տիկ. Սօսէ իւրաքանչիւր աշակերտի նուիրեց…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՑԸ

Նախակրթարանի Ե. դասարաններու աշակերտները հայերէն լեզուի դասանիւթի «հայկական հաց» բնաբանի ծիրէն ներս, դիտեցին լաւաշ հացի պատրաստութեան մասին տեսերիզ մը: Թոնիրի ու լաւաշի պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն եւ հանգրուաններուն ծանօթանալէ ետք, աշակերտները համտեսեցին Հայաստանէն բերուած թոնիրով պատրաստուած հացը:

ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, տարրական բաժինի Բ. դասարանի աշակերտները դպրոց եկան իրենց հայրերուն հետ։ Անոնք ուրախ ու ճոխ մթնոլորտի մէջ ապրեցան անմոռանալի պահեր։ Իրենց պատրաստած գեղարուեստական բաժինը ներկայացնելէ ետք, աշակերտները միացան իրենց հայրերուն եւ խաղացին, երգեցին ու պարեցին։ Ձեռնարկի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ իր հօրը նուիրեց…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ տարրական բաժինի աշակերտները իրենց շատ սիրելի տօնը՝ բարեկենդանը, նշեցին Չորեքշաբթի 26 Փետրուար 2014-ին։ Անոնք առաւօտեան սովորական ժամուն ծպտուած դպրոց ժամանեցին ։ Ուսուցիչները այդ օրուան համար յատուկ յայտագիր, խաղեր ու հիւրասիրութիւն պատրաստած էին։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր անցուցին։

ԱՃՊԱՐԱՐԸ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2014-ին, մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ հետաքրքրութեամբ ու խանդավառութեամբ դիտեցին ձեռնածու Տէնիին աճպարարութիւնները։ Աշակերտները ուրախութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկայացուած խաղերուն:

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՇԵՆ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԸ

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2014-ին, մանկապարտէզի փոքրիկները Քաջ Վարդանի զինուոր դառնալու փափաքով տոգորուած՝ տողանցեցին մանկապարտէզի բակին մէջ: Փոքրիկները իրենց գլխուն կը կրէին Քաջ Վարդանին թագերը: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ արտասանեցին, երգեցին Վարդանի ու Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած երգեր եւ պարեցին հայկական պարեր:

«PORTES OUVERTES»

Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2014-ին Մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու ծնողները առիթը ունեցան առաւօտեան ժամը 8։00-էն 10:00 իրենց զաւակներուն հետ մտնելու դասարան եւ դիտելու հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու դասապահերը։ Այս հանդիպումը առիթ կու տայ ծնողներուն ծանօթանալու դպրոցի եւ դասարանի մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ՝ դասանիւթերու մատուցման ձեւերուն։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կիրակի, 23 Փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ արժանաւոր կերպով եւ մեծ շուքով նշուեցաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն Ճեմարանի…