ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ, ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայութեամբ։ Հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն դպրոցական տարիներու զանազան առիթներու նկարներով տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որմէ ետք երկրորդական բաժինի պատասխանատու Մարօ Քիրիաքոյի առաջնորդութեամբ շրջանաւարտները մուտք գործեցին սրահ։ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ԺԱ. դասարանին կողմէ շրջանաւարտներուն ողջերթի ուղերձ կարդաց Սերժ Ղարիպեան, որ ըսաւ. «Ճեմարանականը միայն իր ֆիզիքական ներկայութեամբ կը բացակայի իր դպրոցէն։ Ամէն առիթի, յիշատակելի ամէն տօնականարութեան թէ ընկերային հաւաքոյթներու առիթով՝ ան դարձեալ կը վերադառնայ։ Մենք վստահ ենք, որ դուք ալ բարձր պիտի պահէք ճեմարանականի մեր սկզբունքները եւ աշխարհի չորս դին պիտի տարածէք այն մտածելակերպը, զոր ստացաք Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն հսկողութեան տակ»։ Իր խօսքի աւարտին, ան յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն բարձրագոյն ուսման իրենց աշխատանքներուն մէջ։ Ողջերթի խօսքէն ետք աւարտական դասարանէն Մարլինա Քէշիշեան դաշնակի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի ժողովրդական եղանակներու փունջ մը, ապա աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին ասմունքներու փունջ մը՝ «Հին եւ նոր Հայաստան» անուան տակ։ Աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձը կարդաց Բալիկ Գասարճեան։ Ան ըսաւ. «Ահաւասիկ հասած ենք մեր դպրոցական արկածախնդրութեան վերջաւորութեան։ Վերջապէս կ՛իրականանայ տարիներու մեր երազը՝ դպրոցին աւարտը եւ մեր աշխատանքներուն գնահատումը: Բա՜յց… ո՞ւր է սպասուած ուրախութիւնը… ինչո՞ւ ուրիշ զգացումներ կը խանգարեն այս պահը: Այո՛… դժուար է բաժնուիլ մեր սիրելի Ճեմարանէն, մեր երկրորդ տունէն, երկար տարիներ հոն ապրելէ ետք… դժուար է բաժնուիլ մեր դասընկեր-դասընկերուհիներէն, որոնց հանդիպեցանք երբ մանուկ էինք, որոնց հետ մեծցանք, անցուցինք մեր պատանեկութիւնը եւ այդ տարիքին վերաբերող անմոռանալի պահերը: Հիմա ակամայ կը բաժնուինք մեր դասընկերներէն, մեր ուսուցիչներէն, մեր վարժարանէն, նետուելու համար կեանքի դժուար պայքարին մէջ: Կեանքը որքա՞ն դժուար պիտի ըլլայ, ինչպիսի՞ մարդոց պիտի հանդիպինք: Պիտի նետուինք մեզի համար օտար շրջապատի մը մէջ: Սակայն մենք չենք վախնար այս նոր պայքարէն, մենք չենք վախնար ապագայէն, որովհետեւ զինուած ենք բաւարար եւ անհրաժեշտ գիտելիքներով եւ գիտենք ինչպէս յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, չյուսահատիլ առաջին ձախողութեան առջեւ եւ ոտքի ելլել ամէն անգամ որ իյնանք: Այս բոլորը կը պարտինք մեր սիրելի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։ Անոնց շնորհիւ մենք սիրեցինք գիտութիւնը, պատմութիւնը, գրականութիւնը եւ գիտակից ենք Հայ Դատին հանդէպ ունեցած մեր պատասխանատուութեան: Մնաս բարով սիրելի Ճեմարան, դո՛ւն այս հիւրընկալ ափերուն վրայ, մեր երկրորդ հայրենիքին՝ Լիբանանի մէջ կարելիութիւնը տուիր մեզի մեծնալու եւ ծաղկելու իբրեւ գիտակից հայ: Կը խոստանանք հաւատարիմ մնալ մեր ուխտին, տէր կանգնիլ մարդկային եւ ազգային այն արժէքներուն, զորս փոխանցեցիր մեզի, չհեռանալ քեզմէ եւ կարելին ընել քու բարձրացումիդ ու վերելքիդ համար»: Հրաժեշտի ուղերձէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար։ Փափազեան Արեւիկ արժանացաւ Աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան», Աւարտական դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Կարօ Սիւրմէլեան», վերջին երեք տարիներու լաւագոյն գիտական միջին ապահովողի «Կարօ Գաբլանեան» մրցանակներուն, ինչպէս նաեւ՝ Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին։ Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ‎ֆոնտ»ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն՝ Աֆարեան Կարէն, իսկ գիտական բաժինէն՝ Փափազեան Արեւիկ։ Գույումճեան Յակոբ արժանացաւ ԺԲ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին։ Գերազանց արդինքներ ապահովող եւ միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն Սամուէլեան Կասիա եւ գիտական բաժինէն Փափազեան Արեւիկ։ «Ջահակիր»ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացաւ Թորիկեան Սեպուհ։ Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Գալուստեան Նանի։ Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սէփէթճեան» մրցանակը ստացաւ Յովհաննէսեան Գարլա։ Ժ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Հանտեան Սէրուժ։ Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Գեթսեմանեան Սարհատ եւ Թաշճեան Լոռի, իսկ Ճեմարանի տիպար աշակերտ, անթերի վարք ու բարքով, ծառայասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Թորիկեան Սեպուհ։ Մրցանակաբաշխութենէն ետք տնօրէնը ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի միամեայ գործունէութեան մասին։ Ան անդրադառնալով այսօրուան հայկական յարափոփոխ իրականութեան պաստառին վրայ Համազգայինի Հայ Ճեմարանին տեղին, ըսաւ. «Սկզբնական օրերու կազմաւորուող ու կազմակերպուող սփիւռքի հայութեան գոյատեւումը պայմանաւորող թերեւս ամենակարեւոր նախաձեռնութիւնը եղած էր Հայ Ճեմարանի հիմնադրութիւնը, որուն նպատակը «հասնող սերունդին» կրթութիւն ջամբելու միջոցով «վաղուան» մտաւորական սերունդին պատրաստութիւնն էր, սերունդ, որ իր վրայ պիտի վերցնէր սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայ լեզուին ու գրականութեան եւ հայ մշակոյթին զարգացման պատասխանատուութիւնը։ Սփիւռքի գրեթէ հարիւրամեայ պատմութեան նոյնիսկ հպանցիկ ակնարկ մը ցոյց պիտի տայ, որ Ճեմարանը հայթայթած է ուսուցիչներու, խմբագիրներու, հասարակական գործիչներու, մտաւորականներու, գրողներու պատկառելի թիւ մը, առանց հաշուելու գիտութեան այլազան մարզերուն մէջ մասնագիտական բարձր մակարդակ նուաճած ու հայութեան վարկը բարձր բռնած ճեմարանականները։ Այսօր եւս, կը հանդիպինք միջին ու բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, ազգային թէ միջազգային ասպարէզներու մէջ գործող, ստեղծագործող ճեմարանականներու պատկառելի թիւի մը։ Տարեշրջանի սկիզբը, Հոկտեմբեր 2011-ին, Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան առաջին կայանը սփռեց տեսանիւթ մը, լիբանանահայ քսանամեայ երիտասարդ, այժմ Ֆրանսա բնակող ճեմարանական Ասպետ Հարմանտայեանի մասին, որ իբրեւ միջոց օգտագործելով իր ստեղծած «Ռատիօ-Եան»ը, դրամահաւաք կատարած էր եւ Լոռիի մարզի բազմանդամ ընտանիքի մը բնակարան ապահոված։ Այս առիթով, Լոռիի մարզպետը կը յայտարարէր. «Ասպետին տեսնում եմ ու հպարտութիւն եմ ապրում, որ ունենք նման հայ մարդ, ունենք նման հայ երիտասարդ»։ Ահաւասիկ ճեմարանականի իտէալական տիպարը. անկախ նախաձեռնող, գործունեայ, յանձնառու հայ մարդու, հայ երիտասարդի տիպարը։ Այս յանձնառութիւնը, գիտակից նուիրումը հայութեան եւ Հայ Դատին, անսակարկ սէրը հայ ազգային արժէքներու ու Հայաստանի նկատմամբ, կը վայելեն նպաստը մարդկային ու գիտական առողջ կազմաւորման մը»։ Ճեմարանի ուսումնական աշխատանքին որակը անդադար բարելաւելու ուղիին մասին տնօրէնը ըսաւ. «Այս տարեշրջանին մենք օժտուեցանք ուղղավարժական բաժանմունքով, այժմ թափով պէտք է զարկ տանք լսատեսողական արդի միջոցներու օգտագործման ընդհանրացման, որ կ՚ենթադրէ թէ´ կազմածներու ապահովում, թէ´ ուսուցիչներու վերապատրաստում եւ թէ կրթական համապատասխան ծրագիրներու ապահովում, ի հարկին՝ պատրաստութիւն»։ Այս բարելաւումներուն անհրաժեշտ նիւթական կարեւոր ներդրումներուն համար տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան յատկացումներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներու օժանդակութեան։ Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ աւարտական սերունդի ուսման ու կրթութեան նպաստած բոլոր ուսուցիչներուն։ Իր խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանը եւ այս տարուան գլխաւոր նուիրատու Վահէ Եագուպեանը՝ մասնակցելու վկայականներու յանձնումին։ Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.- Գրական ճիւղէն՝ Աբրահամեան Ռոզալին, Աւետիսեան Սիպէլ, Պարոնեան Ռիթա, Պէօճէքեան Նայիրի, Պոտրումեան Նայիրի Շուշի, Տէտէյեան Փաթիլ, Գաժաքճեան Անտրէա, Գալայճեան Ցոլեր, Լեւոնեան Փաթիլ, Մարոնեան Արփի, Մկրտիչեան Գալին, Սամուէլեան Կասիա, Թաշճեան Լոռի, Թորոս Մեղրի, Զաքարեան Մակի, Աֆարեան Կարէն, Աֆարեան Յովիկ, Պահարեան Երուանդ, Ֆերմանեան Կայծակ, Քէքէճ Ատուրեան Ալեք, Թապուճեան Սագօ, Թերզեան Նարեկ, Թորիկեան Սեպուհ, Թովմասեան Հայկ Գիտական ճիւղէն՝ Աճէմեան Քլոէ, Պալեան Կասիա, Տէմիրճեան Նանար, Գասարճեան Բալիկ, Քէշիշեան Մարլինա, Մանկասարեան Մարիա, Օհանեան Փաթիլ, Փափազեան Արեւիկ, Սարգիսեան Թամար, Թորոսեան Ճեսիքա, Աղասարգիսեան Վաչէ, Արապաղեան Յարութ, Կարապետ Յովիկ, Գարագաշեան Պետրոս, Գասպարեան Խաժակ-Կարէն, Գճըլեան Քրիսթոֆըր, Քեչեպաշեան Դրօ-Հարպիկ, Գեթսեմանեան Սարհատ, Գույումճեան Յակոբ, Գրաճեան հայկ, Մնջըրեան Աւօ, Ուրիշեան Լեւոն Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։