ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Չորեքշաբթի, 20 Յունիս 2012-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի հանդէսը, որ կ՚ընդգրկէր թատրոն, երգ, պար, նկարչութիւն, kong fu եւ ձեռային աշխատանք։ Թատրոնի խմբակի աշակերտները ներկայացուցին «Սասունցի Դաւիթ» երաժշտախառն չափածոյ թատերախաղը՝ բեմադրութեամբ թատրոնի ուսուցիչ Ռոպերթ Առաքելեանի։ Երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական երկու երգերով՝ Պիտի գնանք եւ Սասունասար, պարի խմբակը՝ հայկական եւ արաբական պարերով, իսկ քոնկ ֆուի խմբակը՝ մարտարուեստի ներկայացումով մը։ Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ աշակերտներուն պատրաստած գծագրութեան եւ ձեռային աշատանքներու ցուցահանդէսը։