LAU Science and Arts Fair 2012

Ճեմարանի աշակերտները այս տարի եւս մասնակցեցան «Science and Arts Fair»-ին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 10 եւ Ուրբաթ 11 Մայիս 2012-ին, LAU Ժպէյլի մէջ։ Գիտութեան բաժինին մասնակցեցան Խաժակ Թապագեան, Ռոստոմ Գարավարդանեան եւ Սէրուժ Հանտեան։ Արուեստի բաժինին՝ ԺԱ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին salsa-oriental պարերու փունջ մը (պարողներ՝ Ճեսիքա Տէքէրմէնճեան, Նիկոլ Ալեքսանտրեան, Գարին Տէյիրմէնճեան, Վարդի Գույումճեան, Արազ Արամալեան եւ Փաթիլ Պէրպէրեան)։ ԺԲ. Դասարանի աշակերտները, մասնաւորաբար գրական բաժինէն, ներկայացուցին Սեպուհ Թորիկեանի բեմադրութեամբ թատերակ մը՝ հինգ թմրամոլներու բուժման ընթացքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Կտորը առանց զրոյցի, միայն երաժշտութեամբ, կրցաւ հաճելի եւ զգայուն ձեւով նախազգուշական նպատակը փոխանցել ակնդիրներուն (դերասաններ՝ Նարեկ Թերզեան, Ռոզալին Աբրահամեան, Սեպուհ Թորիկեան, Կարէն Աֆարեան, մասնակցութեամբ՝ Մակի Զաքարեանի եւ Երուանդ Պահարեանի)։ Սեպուհ Թորիկեան ԺԲ. դասարան